2014-11-06 13:56:24

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 6 նոյեմբերի քարոզը` ''Ճշմարիտ հովիւն ու քրիստոնեան չեն վախնար իրենց ձեռքերը աղտոտելէ''։


(Ռ.Վ. 6 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին, արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ աւետարանական ընթերցումի վրայ ուր կը խօսուի
Յիսուսի պատմած երկու առակներու մասին՝ կորսուած ոչխարի եւ կորսուած լումայի առակները։
Փարիսեցիները եւ օրէնսգէտները գայթակղած վիճակի մէջ կը գտնուէին, որովհետեւ Յիսուս շրջապատուած էր մեղաւորներով ու անոնց հետ կերակուրը կը բաժնեկէցր։ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց, թէ Յիսուս Ճիշդ ասոր համար եկած էր` փնտռելու համար բոլոր անոնք որոնք հեռացած են Տիրոջմէն։
Յիսուս երկու առակներով ցոյց կու տայ Աստուծոյ անսահման սիրտը, Ան յառաջ կ՝երթայ մինչեւ վերջ` մինչեւ փրկագործութեան կատարումը։
Մինչ Փարիսեցիները եւ օրէնսգէտները իրենց ուղեւորութեան կէս ճամբան կանք կ՝առնեն երբ կ՝անդրադառնան, թէ իրենց անձնական շահերը վտանգուած են։ ''Տխուր է այն քրիստոնեային վիճակը որ կարիքը չզգար երթալու եւ ուրիշներուն աւետելու Տիրոջ բարութիւնը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Փարիսեցիներն ու օրէնսգէտները չէին գիտեր ինչ կը նշանակէ ուսի վրայ շալկել ոչխար մը՝ քնքշութեամբ զայն փոխադրել եւ զետեղել ուրիշ ոչխարներուն մօտ ։ Այս մարդիկը չեն գիտեր իմաստը ուրախութեան։
Բարի հովիւը եւ բարի քրիստոնեան գիտեն իրենցմէ դուրս ելլել եւ հանդիպիլ Աստուծոյ՝ աղօթքի եւ պաշտամունքի միջոցաւ, ուրիշներուն փոխանցելով փրկագործութեան պատգամը։
''Ճշմարիտ հովիւն ու քրիստոնեան չեն վախնար իրեն ձեռքերը աղտոտելէ մեղաւորներուն հանդիպելով եւ գիտեն վտանգի ենթարկել իրենց համբաւը որովհետեւ անոնց սիրտը լի է Աստուծմով եւ չեն ուզեր ոչ ոք կորսնցնել''։
Խնդրենք Աստուծմէ՝ շնորհքը չվախնալու ուրիշներու բամբասանքներէն եւ ընդառաջելու դէպի մեր եղբայրներն ու քոյրերը որոնք հեռու կը գտնուին Տիրոջմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.